2015-01-03 13:45:05

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար 2015 տարին խիտ յայտագիրով տարի մըն է` սկսեալ ճամբորդութիւններէն։


(Ռատիօ Վատիկան) 2015 տարին ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար կը ներկայանայ որպէս կարեւոր ու խիտ ժամադրութիւններով տարի մը, սկսեալ առաքելական բազմաթիւ ճամբորդութիւններէն, Ասիայ Հիւսիսային Ամերիկա եւ այլ վայրեր։ Հոկտեմբեր 2015-ին ապա նախատեսուած է ընտանիքի նիւթին մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը։ Տարւոյն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը պիտի եզրափակէ Ս. Աթոռի վերին իշխանութեան բարեփոխութիւնները հայող անոր կառոյցներուն, խորհուրդներուն ու նախարարութիւններուն։ Ան Փետրուարին կարդինալներուն պիտի ներկայացնէ Ս. Աթոռի վերին իշխանութեան բարեփոխութիւններու ընթացքը, ապա պիտի անուանէ շուրջ 12 նոր կարդինալներ։ 13 մարտին սկիզբ պիտի տայ իր քահանայապետութեան երրորդ տարւոյն եւ այդ առթիւ կը նախատեսուի հրապարակումը երկրորդ շրջաբերական թուղթին` մարդկային բնապահպանութեան նիւթին մասին։ Հուսկ կրօնաւորական կեանքի տարւոյն ընթացքին հաւանական է երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետի սրբադասումը եւ հայեցողական կեանքին մասին առաքելական սահմանադրութեան հրապարակումը։
2014 յատկանշուեցաւ առաքելական 5 ճամբորդութիւններով` Ս. Երկիր (Յորդանան, Պաղեստին եւ Իսրայէլ), Հարաւային Քորէա, Ալպանիա, Սդրազպուրկ եւ Թուրքիա։
2015-ի Յունուար 12-19 Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ Ասիան երկու հանգրուաններով`(Սրի Լանքա եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբը), Սեպտեմբերին Հիւսիսային Ամերիկա, ուր խօսք պիտի առնէ ՄԱԿի լիասնիտ ժողովին։ Կը նախատեսուին նաեւ այլ ճամբորդութիւններ` ֆրանսա եւ Սպանիա։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը որպէս Հռոմի եպիսկոպոս ու Իտալիոյ գահերէց, յաջորդաբար պիտի այցելէ Փոմբէի-Նափոլի` Մարտին, Թորինօն`Յունիսին եւ ֆիռենձէն Նոյեմբերին։
Յայտնենք որ 2014-ը եզրափակուեցաւ նաեւ Վատիկանեան դիւանագիտութեան արձանագրած մեծ յաջողութեամբ` Քուպայի եւ ԱՄՆի միջեւ դիւանագիտական կապերու եւ յարաբերութիւններու վերահաստատումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.